2016-06-16 12:01:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 16 Յունիսի հանդիպումները` Բացում Հռոմի թեմական համագումարին։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 16 Յունիս 2016-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ յաջորդաբար ընդունեց Նիճերիոյ մօտ առաքելական նուիրակ գերապայծառ Աուկուսթին Քազույան, Պելկիոյ Էզմերալտա Իշխանուհին ու Սուրբ Աթոռի մօտ Մարթայի Կարգին դեսպան` Տիար Ալպերթօ Լէոնչինի Պարթոլի, հրաժեշտի այցելութեան առիթով։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ Քլեմենթինա սրահին մէջ ընդունեց ''R.O.A.C.O.'' Արեւելեան Եկեղեցիներու օգնութեան բարեսիրական հաստատութիւններու 89-րդ հաւաքի մասնակցողները, որոնցմէ ետք Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց ժողովրդական եւ շրջիկ բեմադրութիւններու արուեստագէտներուն յոբելեանին 7 հազար մասնակիցները։

Նշենք թէ Նորին Սրբութիւնը յետմիջօրէի ժամը 7-ին, Հռոմի Լատերանեան Սուրբ Յովհաննէս տաճարին մէջ կը մասնակցի Հռոմի  թեմական համագումարին բացման արարողութեան  որուն նիւթն է ''Սիրոյ ուրախութիւնը, Հռոմի ընտանիքներու ուղեւորութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապի Սիրոյ Ուրախութիւն առաքելական յորդորագիրին լոյսին ներքոյ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.